Search
Close this search box.

Արամ Ա կաթողիկոսը շնորհակալություն է հայտնել Էմանուել Մակրոնին

Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհակալական ու գնահատանքի նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին, ջերմօրէն ողջունելով Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր» հռչակելու իր որոշումը:

Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ ընդգծելով նախագահ Մաքրոնի սոյն որոշումին յատուկ կարեւորութիւնը՝ կ’ըսէ. «Մենք խորապէս կը հաւատանք, թէ այս որոշումը պերճախօս արտայայտութիւնն է Ձեր ունեցած ամուր կապուածութեան արդարարութեան, մարդկային իրաւանց, պատմական անհերքելի իրողութեան եւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան»:

Վեհափառ Հայրապետը իր նամակը կ’եզրակացնէ՝ յայտնելով, թէ նախագահին այս որոշումը շօշափելի արտայայտութիւնն է այն բարեկամական կապերուն, որոնք կը միացնեն ֆրնասացի եւ հայ ժողովուրդները: